Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/273

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

վատ տրամադրութիւններով թողուց կովկասը։ Վեց ամիս ետք, ան մեռաւ Ղրիմի իր կալուածին մէջ։

Փետրուարեան Յեղափոխութիւնը եւ մահը կեանքի բեմեն քշեցին այն բոլոր անձերը, որ Ռասպուտինի զոհերը դարձան կամ անոր պաշտպանութիւնը վայելեցին: Ո՞վ անոր ձեռքին խաղալիկ եղաւ կամ որո՞ւ ձեռքին էր ինք խաղալիկ, թողունք անկողմնակալ պատմութեան։ Մեր նպատակն Է այսօր մատնանշել փաստերը միայն, որոնք 15 երկար տարիներ ետք անգամ կը թուին դեռ նոր կատարուած դէպքեր։

Մեկնելէն առաջ, փոխարքան քանի մը օր մնաց Թիֆլիս, ուր զանազան հաստատութիւններ եւ մարդիկ կու գային իրեն մնաս բարեւի։ Վրացիները սառը վերաբերում ցոյց տուին անոր մեկնումին հանդէպ: Վրաց ազնուականութիւնը, որ կը սիրէր շարունակ պալատին մէջ լինել, չեկաւ անգամ երթաս բարեւի։ Թուրքերը բացարձակապէս անտես առին իր մեկնումը, իսկ հայերը կը ցաւէին, որ կը զրկուէին Հայ ժողովուրդին հանդէպ բարեացակամ վերաբերմունք ունեցող կարեւոր մարդէ մը։

Վորոնցով—Դաշկովի օրով, վերադարձուեցան մեր եկեղեցական կալուածները. կազմուեցան կամաւորական խումբերը. իշխանութեան կողմէ լուրջ քայլեր եղան Կովկասի բարձրագոյն դպրոցի բացման համար: Քաղաքային վարչութիւնը ամէն հիմ ունէր ցաւելու կոմսի մեկնումին համար։ Ես զգացուած ճառ մը խօսեցի՝ բարի երթ մաղթելով անոր։ Քաղաքային վարչութեան որոշմամբ, կոմսին տուինք Թիֆլիսի պատուաւոր քաղաքացու տիտղոսը: Կոմսը