Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/274

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

յուզուած էր, կը զգար, որ կը փակուի իր պաշտօնավարութեան եւ իր կեանքի վերջին շրջանը։ Կոմսը հիւանդ էր, գրէթէ անկողինի մէջ։

Գնացքը կամաց—կամաց շարժեցաւ: Կոմսը կանգնած էր լուսամուտի մօտ եւ կոմսուհու հետ ձեռքով շարժումներ կըներ։

Տուն վերադառնալու ատեն, կը մտածէի. «Դժբախտ Ժողովուրդ ենք մենք. անկարող տնօրինելու մեր րբախտը ինքներս։ Այսօր կը մեկնի մէկը. վաղը պիտի գայ նոր ուրիշ մը։ Ի՞նչ պիտի տայ ան երկրին»։

Ու դեռ պատերազմը կար, շաղթականութիւնը կար եւ կային չարագուշակ լուրերը Թուրքիայէն։