Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/275

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

ԳԼՈԻԽ ԺԴ.

ԴԷՊՔԵՐԸ ԹԱԳԱՒՈՐԱԿԱՆ

ՊԱԼԱՏԻՆ ՄԷՋ (ՇԱՐ.)

Մեծ իշխան Նիկոլայ Նիկոլայեւիչի Կովկաս հաստատուելէն յետոյ, սկսաւ պատերազմական գործողութիւններու նոր շրջան մը։

1915ի աշունը սաստիկ անձրեւային Էր հարաւային ճակատին վրայ, իսկ հիւսիսային ճակատի վրայ սկսած Էին արդէն ցուրտերն ու սառնամանիքները, ձիւնն ու փոթորիկները: Ու այս բոլորի հետ մէկտեղ աւելի զգալի կը դառնային պետական մեքենայի պակասութիւնները եւ երկրի տնտեսական կեանքի քայքայուած վիճակը։

Վերր յիշած էինք արդէն, որ ռուսական պատմութեան մէջ յեղափոխութիւնը կապուած է եղեր միշտ պատերազմներու հետ, որոնց ընթացքին զգալի կերպով երեւան են եկած երկրի բոլոր թերութիւնները եւ հնարած պետական մեքենայի անպէտքութիւնը։ Այսպէստ Ղրիմի պատերազմէն ետք, տեղի ունեցան որոշ բարեփոխումներ: 1905ի ռուս—ճափոնական պատերազմէն յետոյ, տեղի ունեցան յեղափոխական ծանօթ շարժումները։ Նոյնը եւ 1917ի յեղափոխութիւնը, որ հետեւանքը եղաւ համաշխարհային պատերազմի:

Այս գլուխին մէջ, մենք պիտի կանգ առնենք մէկ կողմէն պատերազմէն առաջ եկած վէրքերուն վրայ,