Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/276

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

միւս կողմէն՝ այն վտանգաւոր հոգեբանութեան վրայ, որ համակած էր ամբողջ Ռուսաստանի եւ Կովկասի ժողովուրդները, որովհետեւ այդ երկու երեւոյթներով է, որ կը պայմանաւորուէր պատմական դէպքերու հետագայ զարգացումը։ Ռուսական Յեղափոխութիւնը բախումն էր այդ երկու ուժերուն։ Այդ բախումն էր, որ առաջ եկաւ նախ՝ կովկասի անջատումը Ռուսաստանէն, ապա եւ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութիւնը:

Որպէս այդ շրջանի աքտիւ գործիք մը՝ ես վճռական կերպով կարող եմ ըսել, թէ առանց ուսումնասիրելու ռուսական պատմութեան այդ շրջանը, ոեւԷ մէկը չի կարող հաշիւ տալ իրեն, թէ ինչո՞ւ հայ քաղաքական գործիչները մէկէն ի մէկ որոշեցին անկախ հռչակել Հայաստանը:

Այսպէս, երբ աշնան եղանակն սկսաւ, ռազմաճակատը եւ ամբողջ ժողովուրդը տնտեսապէս ահաւոր վիճակ մը կը ներկայացնէր: Ռուս յայտնի պատմաբան եւ քաղաքագէտ Միլիւկովը, որ այսօր կը գլխաւորէ Փարիզի մէջ հրատարակուող ռուսական օրաթերթ մը, իր երեք մեծ Հատորնոց աշխատութեան մէջ, կը նկարագրէ, թէ ինչ ողբալի կացութիւն կը ներկայացնէր բանակի մատակարարման գործը։ Ռուսաստանը ի վիճակի չէր պատերազմելու տարիէ մը աւելի։ Չունէր զինուորական մթերքներու բաւարար պաշար: Թնդանօթները չունէին ռումբեր։ Յաճախ գունդերը ճակատ կը մեկնէին առանց հրացանի։ Եւ արեւմտեան ճակատի Հսկայական տարածութիւններու վրայ կռուող բանակները խուճապահար կը նահանջէին՝ ձգելով այն բոլորը, ինչ որ ունէին: