Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/277

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Նոյնը կարելի է ըսել եւ հագուստեղէնի վերաբերմամբ։ Կօշիկներ եւ վերարկուներ չկային։ Հրամայուած էր հանել սպաննուածներու կօշիկներն ու վերարկուները։ Ես ականատես եմ եղած, թէ ինչպէս պահեստատեղերէն արիւնաթաթախ վերարկուներն ու կօշիկները կը բաժնուէին հապճեպ կերպով՝ նոր կազմուած գունդերուն։

Կազութիւնը աւելի կը ծանրանար հաղորդակցական միջոցներու բացակայութեան պատճառով: Փճացած շոգեկառքերը եւ վագոնները դժուարութեամբ ու դանդաղ կը վերանորոգուէին: Կաշառակերութիւնը չափազանց տարածուած էր ճանապարհներու ծառայողներուն մէջ։ Յաճախ կուշացուէին զինուորական մթերքները՝ մասնաւոր ապրանքներ տեղափոխելու համար:

Ստեղծուած էր երկիշխանութիւն՝ զինուորական եւ քաղաքացիական իշխանութիւններու միջեւ: Ամէնքը կաշխատէին առաջին հերթին արժեցնել իրենց կարգադրութիւնները։ Փոքր պաշտօնեաները կը տարակուսէին, թէ որո՞ւ պէտք է հպատակիլ: Իշխանութիւնը չէր վստահեր երկրի հանրային ուժերուն, յանձինս գաւառական եւ քաղաքային կազմակերպութիւններու: Ճանապարհները փճացեր էին. սայլերը կը դժուարանային անցնիլ, իսկ ձիերը առանց կերի մնացած ըլլալով ուժասպառ կիյնային:

Պատերազմի առաջին տարուան խանդավառութիւնը չքացած էր արդէն։ Միլիոնաւոր հիւանդներու, մեռածներու եւ վիրաւորներու ցաւը ծանրացած էր շատ ընտանիքներու վրայ։