Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/278

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Այս բոլորի հետ մէկտեղ՝ քայքայուած ջիղեր եւ ծայր աստիճան աղքատութիւն: Բոլորն ալ կուզէին հանգիստ եւ հանգիստ:

Զօրքի գլխաւոր հրամանատարութիւնն ալ կանգնած չէր իր բարձրութեան վրայ։ ՈրպԷսզի լրիւ կերպով պատկերացնեմ ճակատի քաոսային վիճակը, այստեղ պիտի մէջբերեմ ցարի հօրեղբօր մեծ իշխան Նիկոլայ Միխայլովիչի կարծիքը, իր յուշատետրին մէջ գրուած, որ վերջերս բոլշեւիկները հրատարակեցին «կարմիր Արխիւ», թիւ 47-48, գիրքերուն մեջ։

Նիկոլայ Միխայլովիչը մեծ իշխաններէն ամէնէն ազատամիտն էր եւ յայտնի էր որպէս պատմաբան։ 1918ին, բոլշեւիկները հրացանազարկ ըրին զայն իր եղբայրներուն հետ միասին:

Պատերազմի սկսելէն յետոյ, Նիկոլայ Միխայլովիչը իր իսկ ցանկութեամբ կը զրկուի հարաւ—արեւմտեան բանակը եւ կը գրուի զօրավար Իվանովի տրամադրութեան ներքոյ։

«Ընտրեցի զօրավար Իվանովը,– կը գրէ մեծ իշխանը — որպէս ամէնէն լաւը վատերէն։ Ռուսաստանի մէջ դեռ կը տիրէր խանդավառ տրամադրութիւն։ Բայց արդեօք երկա՞ր պիտի տեւէր այդ։ Երեւի ֆրանսական զօրքերու վիճակը թեթեւցնելու համար էր, որ մենք կոգեւորուէինք արեւելեան Պրուսիայի մէջ եղած յառաջխաղացումով: Զինուորական այդ գործողութիւնները կը կատարուէին արդեօք նախապատրաստուած ծրագրո՞վ մը, թ՞է հնարաւոր էին դժբախտ անակնկալներ։ Ռենենկամպիֆի անձը ինձ չէր ներշնչեր ոչ մէկ վստահութիւն: Ժիլինսկին խելօք էր, բայց գրա–