Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/279

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

սենեակային աշխատող, թէորիի մարդ մը։ Սամսոնովը համակրելի էր, բայց շուտ խանդավառւող։ Ու այս բոլորը միասին առած՝ շատ քիչ յոյս կը ներշնչէր յաղթական ելնելու պատերազմէն»։

Ինչպէս գիտենք, արեւելեան Պրուսիա մտած ռուսական ամբողջ բանակը ջարդուեցաւ:

«Իմ առաջին տպաւորութիւնները Կիեւէն. — Անհամակրելի էին զօրաւար–նահանգապետ Տրեպովը եւ իր ամբողջ շրջապատը. քաղաքը լիքն էր իրար հակառակ իշխանութիւններով. հիւանդանոցները անկանոն վիճակի մէջ կը գտնուէին։ Կարդացի լեհերուն ուղղուած հրովարտակը։ Ի՜նչ տարօրինակ փաստաթուղթ եւ, որ գլխաւորն է, այդ հրովարտակը ստորագրած է Նիկոլայ Նիկոլայեւիչը։ Երեւի, ստիպմամբ են առել ցարի համաձայնութիւնը, որովհետեւ այդպիսի գրութիւն մը պէտք էր, որ ստորագրուած ըլլար միայն ցարին կողմէ։ Միամիտ լեհերը կը հաւատան խոստումներուն եւ այսօր վայրենի հրճուանքի մը օրեր կապրին»։

Մեծ իշխանի յոռետեսութիւնը գնալով աւելի կը սաստկանայ։ Իր ցանկութիւնն է հեռու մնալ եւ չխառնուիլ գործին։ Բայց ան շաե բան կը տեսնէ, շատ բան կիմանայ։

«Ինք՝ գլխաւոր հրամանատարը (Նիկոլայ Նիկոլայեւիչը)՝ անգոյն մէկն է, ինչպէս միշտ։ Իր շարժուձեւը եւ կեցուածքն է, որ կենթարկեն իրեն զօրքերը։ Ուղեղային խորշերը կը բացակային ոգեւորելու համար»։

Սեպտեմբերի սկիզբներուն, Նիկոլայ Միխայլո–