Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/28

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

ընծայուած է առանձին հատորով, իսկ երկրորդը՝ սոյն հրատարակութեամբ։

Իբրեւ հանրային գործիչ, Խատիսեան ունէր հակառակորդներ եւ թշնամիներ։ Մանաւանդ անոր դէմ էին վրացի սոցիալ–դեմոկրատները, որոնք ամէն միջոցի կը դիմէին վարկաբեկելու համար զինք։ Խատիսեան չէր կորսնցներ իր հանդարտութիւնը եւ անոնց սադրանքներուն կր պատասխանէր հետեւեայ ձեւով «Եթէ գործիչ մը (...) պարկեշտ տրամադրութիւններով ասպարէզ իջած է եւ վստահ է իր աշխատանքի օգտակարութեան, ան երբեք ազգուելու չէ իր դէմ եղած յարձակումներէն. ապա թէ ոչ ասպարէզին վրայ պիտի մնային թուլամորթ համբակներ, եւ ամէն Հանրային ձեռնարկ դատապարտուած պիտի ըլլար ձախողման»[1]:

4 - ՄԱՐԴԸ

Իր ժամանակակիցներն ու գործակիցները կը վկայեն. թէ Խատիսեան անշահախնդիր, ծառայասէր եւ ազնուական նկարագիրի տէր անհատականութիւն մըն էր։ Իր անաչառ գործունեութեան շնորհիւ բարձր պահեց Խատիսեաններու գերդաստանին վարկն ու հեղինակութիւնը:

Խատիսեան կոչումը ունէր իր ազգին միջոցով մարդկութեան ծառայելու: Իր առաւեյագոյնը

  1. Լ. Ն., «Հանրային մարդը», «Յուսաբեր», ԼԱ. Տարի, 7 Ապրիլ 1945: