Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/280

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

վիչը զօր. Ալեքսէեւէն կը ստանայ իր կարծիքներու հաստատումը։

«Ալեքսէեւը ըսաւ, որ գլխաւոր ռազմակայանի մէջ կը տիրէ կատարեալ քաոս եւ խառնաշփոթութիւն։ Նիկոլայ նիկոլայեւիչը եւ Եանուշկեւիչը կորսնցուցած են իրենց գլուխները։ Մեծ իշխանի ուժերէն վեր է ընդհանուր հրամանատարութեան պաշտօնը, մանաւանդ այդպիսի շրջապատով»։

Նիկոլայ Նիկոլայեւիչը իր մօտ կը կանչէ մեծ իշխան Նիկոլայ Միխայլովիչը։

«Ես նստեցայ այնտեղ բաւական երկար — կը գրէ մեծ իշխանը — եւ կը լսէի Նիկոլայ Նիկոլայեւիչի՝ այդ անհաւասարակշիռ մարդու խօսքերը։ Ան կը ճառէր անվերջ, ոտքերով, ձեռքերով շարժումներ կընէր, կը խփէր սեղանին։ Տեսարանը անհամակրելի էր։ Խօսելով զօր. Ժիլինսկիի մասին՝ ան ըսաւ, թէ զայն պէտք է յանձնել զինուորական գերագոյն ատեանին։ Անվերջ կը գանգատէր իր թիկնապահէն, որ ենթարկուեցաւ ամենատգեղ հայհոյանքներու՝ ուշանալուն համար։ Ստացուեցաւ հեռագիր մը, որ Եարոսլաւը գրաւուած էր մեր զօրքերու կողմէ։ Տրամադրութիւները անմիջապէս փոխուեցան։ Բոլորը սկսան համբուրել իրար։ Նիկոլայ Նիկոլայեւիչը անմիջապէս հեռագրեց ցարին եւ իր կնոջը։ Վերջապէս, մեծ իշխանը ազատ արձակեց զիս՝ մտերմօրէն սեղմելով ձեռքս։ Օ՜հ, որքան լաւ է հեռու ըլլալ այդ պատիւներէն»:

Քանի մը օր ետք, Նիկոլայ Նիկոլայեւիչը նորէն կու գայ խորհրդակցութեան զօր. Իվանովի մօտ։ Վախ կար, որ գերմանական զօրքերը կարող էին