Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/281

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

անցնիլ Եարոսլաւի տակ, ռուս յաղթական բանակի թիկունքը։ Խորհրդակցութենէն ետք, զօր. Ալեքսէեւը զայրացած էր։

«Ինչպիսի անտաղանդ օգնականներ կը շրջապատէն մեծ իշխանը — ըսաւ Ալեքսէեւը։ — Անոնք կառաջարկեն առանց կռուի պարպել Վարշաւան՝ ճակատին գիծը ուղղելու համար։ Ես կը պնդէի, որ այդ ծրագիրը ոճրագործ ծրագիր մըն է։ Ու այսպիսի ձեռքերու մէջ կը գտնուի ռուս զօրքին բախտը։ Ամէն ինչ կը կատարուի րոպէի ազդեցութեան տակ։ Չկայ ուժեղ կամք մը, ղեկավար միտք մը։ Չկայ, ի հարկէ, եւ նախապատրաստուած ծրագիր։ Գերմանացիք այս բոլորը գիտեն եւ պիտի ջանան օգտագործել կացութիւնը, առանձին–առանձին ջարդելով մեր բանակները»։

Մեծ իշխանը չի բաւարարուիր միայն ճակատին պատկերը տալով: Բացի այն, որ ճակատին վրայ ան տեսած էր արհամարհանք դէպի զինուորը, «պետերու անպէտքութիւնը», «բանակը կուրօրէն առաջ նետելը» եւ այլն եւ այլն, մեծ իշխանը զբաղած էր եւ թիկունքի խնդիրներով:

«Վերջերս գրեցի մայր թագուհի՝ Մարիա Ֆէոդորովնային այն մասին, թէ պէտք է զգուշանալ գերմանական ազդեցութիւններէն, որ ուժեղ էին մեր մեծ պատերազմի սկիզբներուն եւ որ աւելի կուժեղնար պատերազմի ընթացքին։ Շատ են այդ ազդեցութիւնները՝ հեսսենեան, պրուսական. միկլենբուրգեան, օրտելբուրգեան: Բայց ամենավտանգաւորը հեսսենեան ազդեցութիւնն է, որ իր վրայ կը կրէ թագուհի Ալեքսանդրա Ֆէոդո–