Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/282

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

րովնան, որ հոգով մնացել է գերմանուհի եւ որ մինչեւ վերջին րոպէն դէմ էր պատերազմին եւ ամէն կերպ կաշխատէր ձգձգել անոր յայտարարութիւնը: Այդ մասին ինձ պատմած է արտաքին գործերու նախարար Սազոնովը, որ ժամանակին ամէն կերպ աշխատեցաւ գործել թագահու տրամադրութիւներուն հակառակ»։

Մեծ իշխանը կը գրէ ե՛ւ Ռասպուտինի մասին։

«Ամբողջ այդ զինուորականութիւնը ես կատեմ: Կը տեսնեմ. որ ընկերվարութեան սաղմերը կաճին ու կաճին։ Իսկ ի՞նչ կը կատարուի պալատին մէջ՝ Ռասպուտիններ, գերմանացիներ եւ անոնց ծափահարող ռուսներ։ Անքնութեան պահերուն. միտքդ կաշխատի անվերջ։ Ինչո՞ւ այս պատերազմը, ի՞նչ վախճան մեզ կը սպասէ։ Բան մը պարզ է ինձ համար այն, որ պատերազմէն յետոյ տեղի պիտի ունենան մեծ փոփոխութիւններ: Ես կը կարծեմ, որ շատ միապետութիւններ վար պիտի գլորին եւ պիտի յաղթէ ընկերվարութիւնը, որ դէմ է ամէն տեսակի պատերազմներուն։ Մեզ մօտ, Ռուսաստանի մէջ, տեղի պիտի ունենան լուրջ վերիվայրումներ, մանաւանդ եթէ կառավարութիւնը շարունակէ անմիտ կերպով ձգտիլ դէպի աջ, դէպի բռնութիւն եւ անօրէնութիւն»։

Ընթերցողը կը տեսնէ, թէ ի՞նչ ծանր քննադատութեան կենթարկուի կացութիւնը նոյնիսկ թագաւորական ընտանիքի անդամ Նիկոլայ Միխայլովիչի կողմէն: Կացութեան ծանրութիւնը կը զգար եւ առաջաւոր ռուս մտաւորականութիւնը ու կը ցաւէր իր հայրենիքի քայքայման համար։