Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/283

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

1915ի աշնանը քաղաքներու մէջ արդէն իսկ կը պակսէին ապրանքներ՝ հաց, շաքար, սապոն եւ հագուստեղէն։ Ծանր էր աղքատ ժողովուրդի վիճակը։

Սկսան ցոյցեր։

Կառավարութիւնը, փոխանակ դիւրացնելու փոխադրական միջոցները, սկսաւ մեղադրել վաճառականները եւ ժողովուրդի զայրոյթը ուղղուեցաւ բոլորովին ուրիշ կողմ: Կը մեղադրէին վաճառականները, որոնք իբր թէ իրենց անձնական շահուն համար կը պահէին ապրանքները՝ առաջ բերերով ապրանքային սով երկրին մէջ: Նախապաարաստուած ծրագրով մը, Պետերբուրգէն եկած յատուկ հրամանի մը հիման վրայ, ոստիկանութիւնը սկսաւ հալածել վաճառականները:

Աշնանային առաւօտ մը, ինձ յայտնեցին, որ ռուս կիներ յարձակած են քաղաքի մեծ խանութներուն վրայ, որոնք կը պատկանէին հայերուն, ջարդ ու փշուր ըրած են դռները եւ թալանած ամէն ինչ որ գտած են այդ խանութներու մէջ։ Իշխանութենէն ոչ ոք միջամտած էր ռուս կիներու ամբոխը կեցնելու համար։ Ուրիշ խումբ մը զբաղած էր թալանով քաղաքի ուրիշ մասերու մէջ։

Պէտք է ըսել, որ Թիֆլիսի մէջ եւ ոչ մէկ հայ կամ վրացի կին չէր մասնակցած թալանին: Ռիուս կիներն Էին միայն, որ քաղաքի հայրերէն հաւաքուած՝ աւարի կը մատնէին քաղաքի հարուստ վաճառականները:

Ես փորձեցի համոզել թալանող կիները, որ յետ կանգնին իրենց արարքներէն, բայց լսող չեղավ։ Անմիջապէս գացի նահանգապետի մօտ։ Բայց ան յայտնեց, թէ ինք անկարող է որեւէ բան ընել, որովհետեւ