Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/284

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

ոստիկանութիւնը համակրական վերաբերում ունի դէպի այդ անկարգութիւնները։ Այսուհանդերձ, նահանգապետը հրահանգեց զօրքերուն դուրս ելնել փողոց, բայց երբեք չխառնուել թալանճիներու գործին։ Ու ծիծաղող զինուորներու աչքերուն առջեւ, ռուս կիներ՝ բեռնաւորուած թալանած ապրանքներով՝ տուն կը դառնային։

Ես մօտեցայ զինուորներուն եւ հարցուցի, թէ ինչո՞ւ չեն միջամտեր՝ թալանի առաջն առնելու համար։ Ստացայ հետեւեալ պատասխանը.

«Անոնց ամուսինները կը կռուին ճակատին վրայ, իսկ երեխաները քաղցած են այստեղ։ Թող բուրժուաները քիչ մը վնասուին»։

Կառավարութիւնը կուզէր ժողովուրդի զայրոյթը ուղղել վաճառականներուն վրայ։ Թիֆլիսի ոստիկանութեան պետ՝ Զդոնովսկին՝ կամենալով վարկաբեկել Թիֆլիսի ականաւոր հայ վաճառականները՝ բանտարկեց Արշակ Միլեանը, Ադիլխանեանը, Սերեբրեակեանը: Կը մեղադրէր զանոնք զինուորական կերպասները թաքցնելու մէջ:

Ես քանի մը անգամ ցուցմունքներ ըրի իշխանութեան, որ տագնապին դէմ կռուելու լաւագոյն միջոցը երկաթուղային հաղորդակցութեան վիճակի բարելաւումն է, բայց բութ նահանգապետը չէր ուզեր ըմբռնել այդ: Ան ժողով մը գումարեց իր մօտ, որուն կը մասնակցէին քաղաքային վարչութիւնը եւ վաճառականութեան ներկայացուցիչները: Դիմելով ժողովականներուն ըսաւ, թէ ժողովուրդը գրգրռւած Է եւ թէ ինք կը մեղադրէ վաճառականները որովհետեւ եթէ շաքարը եւ կերպասները կը սղին,