Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/285

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

այդ հասկնալի է, բայց երբ կը սղին ձմերուկը եւ վարունգը, տեղական արտադրութեան պտուղները, այդ արդէն անհասկնալի է եւ միանգամայն անթոյլատրելի։

Նահանգապետը չէր ուզեր հասկնալ տնտեսական փոխանակութեան տարրական օրէնքները։ Հայ կամ վրացի գիւղացին՝ ծախելով իր ձմերուկն ու վարունգը՝ կուզէր գնել կերպաս եւ շաքար, ուստի ստիպուած էր բարձր գնով վաճառել իր աշխատանքի արդիւնքները, որպէսզի կարողանար գնել իրեն անհրաժեշտ ապրանքները:

Իմ կացութիւնը այստեղ ալ ծանր էր։ Որպէս քաղաքագլուխ, ես պէտք է պաշտպանէի ազատ առեւտուրի սկզբունքը, բայց միւս կողմէն կը հասկնայի նաեւ անօթի կիներու եւ երեխաներու զայրոյթը։

Ռուսական միւս քաղաքներու մէջ ալ տեղի կունենար նոյն պատկերը։ Ստեղծուած էին երկու բանակներ իշխանութիւնը եւ ժողովուրդը։

Զօրքի թիկունքը, քաղաքներու մէջ՝ թալան, բանտարկութիւններ, մատնութիւններ, սով եւ անվերջ պոչեր խանութներու առջեւ. իսկ ճակատի վրայ՝ հազարաւոր սպաննուածներ եւ վիրաւորներ։ Մթնոլորտը ծայր աստիճան ելեկտրականացած էր։

Կը յիշեմ, թէ ինչպէս ալիւրով բեռնաւորուած գնացքները կուշանային եւ պոչերը խանութներու առջեւ գնալով կը շատնային։ Հիւսիսային Կովկասէն ալիւքը կը ստացուէր Հայկական եւ վրացական շրջաններու համար։ Ալիւրէն բացի, կը պակսէին անհրաժեշտ միւս պիտոյքներն ալ։

Մխիթարական չէին ե՛ւ ճակատէն եկած նամակ-