Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/286

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

ները։ Զինուորները կը գանգատէին, որ չունէն ուտելիք եւ հագնելիք, որ իրենց հրամանատարները անպէտք են եւ անշնորհք։ Թէեւ այս կարգի նամակները կենթարկուէին գրաքննութեան, այնուամենայնիւ անոնք կը տարածուէին ժողովուրդի մէջ՝ լեցնելով առանց այն ալ զայրացած ժողովուրդի դառնութեան բաժակը։

Հանրային հիմնարկութիւններու գլուխ կանգնած մտաւորականութիւնը կը տեսնէր ու կը զգար այս բոլորը եւ միջոցներ կը խորհէր ծանր կացութենէն դուրս գալու համար։ Ժողովուրդի լայն խաւերը կը մեղադրէին ցարը։ Անոնց կարծիքով, ցարի պարտականութիւնն էր գոհացում տալ ժողովուրդի բոլոր կարիքներուն եւ պատժել չարագործները։

Մտաւորականութիւնը կըմբռնէր, որ միակ ելքը ժողովուրդի մասնակցութիւնն է պետական գործերուն եւ նախարարներու խորհրդի պատասխանատւութիւնը Պետական Դումայի առջեւ: Բայց ի՞նչ ընել։

Ընդդիմադիր մտաւորականութիւնը կը գիտակցէր, որ ժամանակը չէ վճռական քայլերու դիմել։ Տեղի կունենար աննախընթաց պատերազմ մը, որ կը պահանջէր ուժերու ծայրայեղ լարում եւ կեդրոնացում։ Իշխանութեան ուշադրութիւնը պէտք է կեդրոնացած ըլլար պատերազմի վրայ։ Կարելի չէր նոր խոչընդոտներ ստեղծել ներքին ճակատներու վրայ։

Բայց, միւս կողմէն, ցարը գնալով աւելի կենթարկուէր ցարուճու եւ Ռասպուտինի աղիտալի ազդեցութիւններուն, որոնք կը ներշնչէին իրեն, թէ ինք սուրբ է, օժտուած երկնային կարողութիւններով եւ