Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/287

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

թէ պէտք չէ որ զիջումներ ընէ ոեւէ մէկուն։ Հազարաւոր դիմումներու, խնդրանքներու եւ բանաձեւերու պատասխանը անխուսափելիօրէն նոյնն էր։ Ոչ եւ ոչ։

Ահա այսպիսի պարագաներու մէջ էր, որ 1916ին տեղի ունեցաւ քաղաքային եւ գաւառական գործիչներու համառուսական համագումարը, Մոսկուայի մէջ։

Ես մեկնեցի Մոսկուա երկու առաքելութեամբ: Նախ՝ պէտք է ներկայացնէի Համագումարէն Կովկասի տնտեսական կեանքր, հիւանդանոցներու եւ գաղթականներու վիճակը եւ ապա՝ պիտի նկարագրէի երկրի քաղաքական կացութիւնը։

Թող ներէ ինձ ընթերցողը, որ այստեղ պիտի վերյիշեմ իմ արտասանած ճառը, որ այն ժամանակւան Ռուսատանի մէջ մեծ աղմուկ հանեց եւ գովասանքով արտատպուեցաւ բոլոր թերթերու մէջ։

Մոսկուա հասայ համագումարի բացման օրը, որ յատկացուած էր ընդհանուր զեկուցումներուն՝ չորս գլխաւոր ճակատներու մասին։ Ժամը 2ին մօտերը, երբ նիստը պիտի փակուէր՝ հերթը հասաւ ինձ։ Իւրաքանչիւր հռետորի յատկացուած էր 15 վայրկեան։ Նախագահր ինձ խնդրեց կրճատել այդ ժամանակամիջոցը 10 վայրկեանով։ Ես համաձայնեցի։

Իմ առաջ կը գտնուէր 800 հոգիէ բաղկացած լսարան մը, ուր հաւաքուած էր երկրի լաւագոյն մտաւորականութիւնը, բոլոր քաղաքագլուխները,