Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/288

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

գաւառական վարչութիւններու նախագահները, Պետական Դումայի անդամները եւ բազմաթիւ լրագրողներ։

Դիտմամբ կանգ կառնեմ մանրամասնութիւններու վրայ, որովհհետեւ իմ ըսածները կը համապատասխանէին իրականութեան։ Բոլորը կը գիտակցէին, որ այս վայրկեանը ունէր պատմական եւ կարեւոր նշանակութիւն ամբողջ Ռուսաստանի համար: Ես կը հասկնայի, թէ ինչ ծանր պարտականութիւն կար դրուած իմ ուսերուս վրայ, որպէս Հայի, Ազգային Բիւրոյի ներկայացուցիչ եւ Թիֆլիսի քաղաքագլուխի դերիս մէջ, նաեւ որպէս կովկասի բոլոր ժողովուրղներու պատգամաւորի։

Ես շօշափեցի հիմնական երեք խնդիրներ: Նախ, որ Կովկասը եւ Ռուսաստանը բարոյապէս եւ քաղաքականապէս կապուած են իրարու հետ անքակտելի կապերով, որ կովկասը հաւատարիմ է ռուս բանակին, եւ որ, վերջապէս, Կովկասի բոլոր ժողովուրդները հոգեկան ամուր կապերով կապուած են ռուս բարձր միտքին ու մշակոյթին։

Ճառիս ամենապատասխանատու մասը առաքինն էր, քաղաքականը։ Բայց ի՞նչ կարելի է ըսել 10 վայրկեանին մէջ։ Այսօր, երբ տասնեւչորս տարի է անցել Հայաստանի Հանրապետութեան հռչակումէն, որու մէջ ես ամէնէն գործօն մասնակցութիւնն եմ ունեցած, պէտք է ըսեմ, որ Մոսկուայի մէջ արտասանած իմ ճառը այն ժամանակ, միանգամայն անկեղծ էր եւ համապատասխան Հայ զանգուածներու եւ մտաւորականութեան ձգտումներուն:

Ի նկատի ունենալով ժամանակի սղութիւնը,