Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/289

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

խօսքա ուղղեցի սրահը լեցուած պատգամաւորներուն.

«Պարոնայք պատգամաւորներ, ես կու գամ հեռաւոր Կովկասէն, կու գամ անոր մայրաքաղաքէն, կու գամ արիւնոտ ճակատէն, կու գամ Տաճկահայաստանի սարերէն ու ձորերէն, ուր այնքա՜ն արիւն հոսեցաւ, այնքա՜ն զոհեր ինկան։ Կու գամ այստեղ, Ռուսաստանի սիրտը՝ Մոսկուա՝ ըսելու ձեզի, որ մեր ժողովուրդներու սիրտերը կը թաթախեն ձեր սիրտին հետ մէկտեղ, որ ձեր դատը մեր ընդհանուր դատն է եւ որ ձեր ձգտումներն ու ցանկութիւնները հարազատ են ու թանկագին մեզ համար։ Կու գամ ըսելու, որ մենք կը սիրենք ռուս բանակը եւ կը գուրգուրանք ամէն մէկ զինուորին վրայ։ Այն քանի մը վայրկեանը, ոը շնորհած էք ինձ, պիտի օգտագործեմ ձեզ ըսելու, որ Կովկասի ժողովուրդները իմ բերանով կը յայտարարեն ձեզ, որ իրենց եղբայրական օգնութիւնը կը բերեն ընդհանուր մեծ գործին եւ իրենց ողջոյնը կու տան ռուս մեծ ժողովուրդին»։

Այս խօսքերը արտասանեցի բարձր ձայնով եւ ոգեւորուած: Սրահը թնդաց ծափահարութիւններով:

«Շարունակեցէք, շարունակեցէք», — կը պոռային բոլոր անկիւներէ: Ես շարունակեցի աւելի համարձակ.

«Եթէ Կովկասը բաժանելու ըլլանք Ռուսաստանէն, պիտի գոյանայ անբուժելի վէրք մը, որ արիւնաքամ պիտի ընէ մեր ժողովուրդներն ու մեր բարձր մշակոյթը»։