Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/29

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

տուաւ ան իբրեւ մարդ։ Թիֆլիսի քաղաքապետութեան, Հայաստանի վարչապետութեան եւ Սփիւռքի մէջ ունեցած գործունեութեան ընթացքին յաջողեցաւ կերտել հանրային մարդու հայ տիպարը։

Խատիսեան գործեց պատերազմական վիճակի մէջ պէտք է ըսել սակայն, թէ շատ աւելին կրնար տալ խաղաղ պայմաններու տակ։ Իր տաղանդն ու կարողութիւնները ի սպաս դրաւ հայ ժողովուրդի ապահովութեան եւ բարօրութեան։ Աւելին. երբեք չփափաքեցաւ հեռանալ ազգային կեանքէն։ Փաստօրէն, ռուսական անսահման կարելիութիւններն ու փառասիրութիւնները չյաջողեցան ներգրաւել երիտասարդ Խատիսեանը, որ շատ դիւրութեամբ ի վիճակի էր բարձրանալու, փայլելու եւ ինքզինք պարտադրելու։

Բազմակողմանի զարգացման տէր հասարակական գործիչ էր։ Ըստ իր դասընկերներուն եւ գործակիցներուն, անոր տեսակէտներն ու կարծիքները հիմնաւորուած եւ իւրայատուկ էին։ Եւրոպական եւ ռուսական քաղաքակրթութիւնն ու կենցաղը պատշաճեցուցած էր ազգային-մշակութային արժէքներուն։ Բացառիկ ընդունակութիւն ցուցաբերած է յատկապէս օտարներու հետ յարաբերութիւն մշակելոն աշխատանքին մէջ: «Ա. Խատիսեան ինքը շատ mondain մարդ էր, որով նմանապէս տարբերւում էր միւս բոլոր գործիչներից»[1]։

  1. Ս. Թորոսեան, «Ալեքսանդր Խատիսեանի շրջանը», «Հայրենիք» ամսագիր, Լ. Տարի, թիվ 8, Օգոստոս 1952, էջ 46: