Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/290

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Ու նորէն ծափեր ու ծափեր։ Մինչեւ այսօր ալ կը յիշեմ պատգամաւորներու աննախընթաց խանդաւառութիւնը:

Թող չզարմանայ ընթերցողս, որ 1918ին, երբ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ էի, ես նոյն խանդավառութեամբ եւ նոյնպէս կրակոտ կերպով կը բացատրէի Ռուս Կամաւորական Բանակի ներկայացուցիչ՝ զօր. Զդանեւիչին, թէ ինչո՞ւ մենք պէտք է բաժանուենք Ռուսաստանէն: Եւ երկու անգամին ալ, թէ՛ ես եւ թէ քաղաքական բոլոր գործիչները անկեղծ էինք մեր յայտարարութիւններուն եւ ձգտումներուն մէջ։

Մենք անցանք դէպքերով լեցուն պատմական ճամբու մը վրայով եւ իմ նպատակն է պարզաբանել այդ ճամբու բոլոր փուլերը, որոնք սերտ առնչութիւն ունէին Ռուսաստանի եւ Կովկասի մէջ տեղի ունեցող դէպքերուն հետ։

Զգացի, որ սրահը պատրաստ է ինձ լսելու եւ շարունակեցի՝ առանց նկատի ունենալու ժամանակը.

«Եւ երբ կը մտածեմ, որ գուցէ մենք, այստեղ, ճակատէն հեռու. անմասն կը մնանք մեր զօրքի հերոսական զոհաբերումներուն, որ մենք չենք ըներ ամէնը ինչ որ պէտք է ընէինք. իմ հայեացքս ակամայօրէն կը դառնայ դէպի Պետերպուրգ, դէպի իշխանութեան վերերը եւ ես կըսեմ. «Առէք մեր ուժերը, օգտագործեցէք մեր գիտութիւնը. մեր կամքն ու աշխատանքը եւ վստահելով մեզ՝ հանրային գործիչներուս՝ բաժնեցէք մեզ հետ իշխանութեան ծանր բեռը»։

Նորէն անասելի ծափահարութիւններ: Վաղուց