Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/291

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

մոռցուած էր 10 Վայրկեանը։ Կը շարունակեի:

Ես պատկերացուցի համագումարին առջեւ հեռաւոր Կովկասի պատերազմական ամբողջ կացութիւնը. ցոյց տուի գլխաւոր ուղղութիւնները, որոնցմով կ՝ընթանային մեր զօրքերը. պատմեցի մեր գաղթականներու անասելի կացութեան մասին եւ նկարագրեցի այն աշխատանքները, որ իր վրայ էր առած Կովկասի քաղաքներու Միութիւնը։

Իմ ճառս տեւեց երկու ժամ, որմէ ետք նախագահը՝ Մոսկուայի քաղաքագլուխ Չելնսկովը՝ շնորհակալութիւն յայտնեց ինձ, առաջարկեց համագումարին եղբայրական ողջոյն ուղարկել Կովկասին եւ շնորհակալութիւն յայտնել Կովկասի Քաղաքներու Միութեան իր գործունեութեան համար։ Պատգամաւորները կանգնած կը ծափահարեին։

Թերթերը գրեցին, թէ առաջին անգամն էր, որ Ռուսաստանը բուռն խանդավառութեամբ կը ծափահարէր Կովկասը: Միւս օրը, ճաշկերոյթ մը ունեցանք «Հրագա» ճաշարանին մէջ, ուր ներկայ էին համագումարի բոլոր անդամները: «Պրագա»ն ազատասէր ռուսներու հաւաքատեղին էր։ Յայտնի պատմագետ եւ Պետական Դումայի անդամ Միլիւկովը առաջարկեց զիս ընտրել թամադա, այսինքն՝ սեղանի վարիչ, ըսելով որ ինք տեսած է զիս այդ դերին մէջ Կովկաս եւ կուզէ որ Մոսկուան ալ տեսնի:

Ճաշկերոյթը անցաւ բաւական աշխոյժ: Ճառեր արտասանուեցան ի նպաստ Կովկասի եւ հայ ժողովուրդի։ Ճաշկերոյթեն ետք, մենք քանի մը անգամ առանձնացանք սենեակ մը ուր խօսեցանք քաղաքական ընդհնուր կացութեան մասին: