Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/292

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Մեզ կը թուէր, թէ մենք մինակ էինք ըւ կրնայինք ազատ զրուցել բոլոր խնդիրներու մասին։ Բայց մեծ եղաւ զարմանքս, երբ 10 տարի ետք, կարդացի բոլշեւիկներու մէկ հրատարակութիւնը, որ «Բուրժուազիան Փետրուարեան Յեղափոխութեան նախօրեակին» վերտառութիւնը կը կրէր: Հող ամփոփւած էին ցարի ոստիկանութեան փաստաթուղթերը Մոսկուայի համագումարի մասին եւ լրիւ տեղեկութիւններ կային մեր ունեցած խօսակցութիւններու մասին: Պարզ է, որ մեր մէջ լրտեսներ կային։

Մոսկուայի Գրական Ընկերութիւնը խնդրեց ինձ կրկնել ճառս, որպէս դասախօսութիւն: Ես համաձայնեցի եւ մեծ բազմութեան մը առջեւ նորէն պատկերացուցի Կովկասը եւ իր կարիքները: Դասախօսութենէն ետք, ի պատիւ ինձ ձաշկերոյթ մը տրուեցաւ:

Այապիսի պատիւներով ընդունեց Մոսկուան՝ Կովկասեան Քաղաքներու Միութեան ներկայացուցիչը։

երկրորղ օրը համագումարը զբազեցաւ ճակատի հոգսերով։ Կարդացուեցան զեկոյցներ, ուր նկարագրուած էին այն բոլոր հարցերը, որոնց մասին ես խօսած եմ արդէն յուշերուս նախորդ գլուխներուն մէջ։ Որոշուեցաւ կազմել գործնական կոմիտէներ, որոնք պիտի զբաղէին նոր գործարաններ բանալով՝ զարկ տալու համար զինուորական պիտոյքներու արտադրութեան։

Կառավարութիւնը ընդունեց մեր այդ որոշումը