Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/293

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

եւ Կովկասի մէջ ալ հիմնուեցաւ զինուորա—արդիւնաբերական կոմիտէ մը, վրաց ազնուականութեան պարագլուխ՝ Աբխազիի նախագահութեամբ, որ յետոյ սպաննուեցաւ բոլշեւիկներու կողմէ՝ վրացական վերջին ապստամբութեան ժամանակ։ Այդ կոմիտէին ես կը մասնակցէի որպէս փոխ—նախագահ։

Երրորդ օրը ամէնէն կարեւորն էր համագումարին համար։ Օրակարգին վրայ դրուած էր քաղաքական խնդիրը:

Այս խնդիրը պարզ էր բոլորի համար, այսինքն՝ որ իշխանութիւնը անզօր Է ազահովելու յաղթութեան գործը։ Ամբողջ Ռուսաստանը այդ կարծիքն ունէր:

ԻնչպԷս 1905-07 թուականներուն ամէնքը մէկտեղ կը պահանջէին Սահմանադրութիւն, այսօր ալ կը պահանջէին Դումայի առջեւ պատասխանատու նախարարութիւն: Նիկոլայ Բ-ի տուած Սահմանադրութիւնը կրճատուած էր, աղաւաղուած. եւ ահա մեծ բաց մը լեցնելու համար կը պահանջուէր, որ նա — խարարութիւնը պատասխանատու ըլլայ ոչ թէ ցարի, այլ Պետական Դումայի առջեւ:

Ստեղծուած էր պատմական ծանր վայրկեան մը ոչ միայն Ռուսաստանի, այլեւ Կովկասի եւ Հայ ժողովուրդի համար։ Մէկ կողմէն՝ այն համոզումը կար, որ իշխանութիւնը պէտք է ըլլայ ուժեղ, որ պէտք չէ խանգարել զայն, որ ամէն ջանք պէտք է գործադրել ճակատին համար. իսկ միւս կողմէն՝ խոր համոզում կար, որ առանց պատասխանատու նախարարութեան՝ անհնար է յաղթանակը:

Եթէ ցարը տեսնէր եւ ըմբռնէր ժողովուրդի կա–