Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/294

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

րիքներն ու բաղձանքները, այսօր չէր լինի ո՛չ յեղափոխութիւն, ո՛չ բոլշեւիզմ, ո՛չ տաճիկներու վերադարձը դէպի Հայկական վիլայեթները եւ ոչ ալ Կարսի, Սուրմալուի եւ Արդահանի կորուստը։ Բայց ցարը կոյր էր ժողովուրդի պահանջներուն հանդէպ, ոչ միայն կոյր, այլեւ անկամ մէկը, ինկած Սիբիրէն եկած մուժիկի մը ազդեցութեան տակ։

Մեծ իշխան Նիկոլայ Նիկոլայեւիչը հեռացնելէն ետք, Ռասպուտինը ինք կը նշանակէր նախարարները եւ ինք կը հեռացնէր զանոնք դրդուած պալատին մէջ գտնուող զանազան բախտախնդիրներէն, որոնք օգտուելով կացութենէն, անձնական բարօրութեան մասին կը մտածէին միայն։ Չտիւրմեր, Գորեմիկին եւ Պրոտոպոպով՝ Ռասպուտինի թեկնածուներն էին, որ անկման հասցուցին մեծ Ռուսաստանը:

Իշխան Անդրոնիկովը, Մանուիլսկին, դոկտոր Բագմաեւը եւ նման մութ անձնաւորութիւններ Ռասպուտինի միջոցով եւ դրամական կաշառքներով, նախարարներու եւ ցարի մօտ անձնական խնդիրներ կը կարգադրէին։ Այդ մասին գիտէր ամբողջ Ռուսաստանը:

Միւս կողմէն՝ Ռասպուտինը քէֆեր կը սարքէր կիրքերով եւ վաւաշոտութեամբ լեցուն։ Իր նկարները, մերկ կիներու հետ միասին, որոնք բարձր հասարակութեան կը պատկանէին, ձեռքէ ձեռք կանցնէին Ռուսաստանի մէջ։ Ան կը հաւատացնէր կիներուն, որ ինք սուրբ է եւ իրեն անձնատուր ըլլալով միայն կին մը կարող է ազատուել իր մեղքերէն։

Ոստիկանութեան նախարարը ցարի ուշադրութիւնը հրաւիրեց այս խնդրի վրայ՝ ցոյց տալով, որ