Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/295

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

այդպիսի մարդու մօտիկութիւնը պալատին՝ կը թուլացնէ ցարի ուժն եւ հեղինակութիւնը ժողովուրդի աչքին։ Որպէս պատասխան, ցարը հեռացուց նախարարը իր պաշտօնէն:

Ցարը կը կորսնցնէր իր հեղինակութիւնը ոչ միայն ժողովուրդի, այլեւ միապետականներու, իր մտերիմներու եւ անգամ իր ընտանիքի աչքին։

Կամաց—կամաց սկսան խօսիլ եւ ցարուհու գերմանական ծագումի մասին։ Կը մեղադրէին զինք գերմանասիրութեան մէջ։ Կատէին ցարուհին իր ծանր բնաւորութեան եւ Ռասպուտինի հետ ունեցած մտերմութեան համար: Ռասպուտինը կը շարունակէր թղթի կտորներու վրայ անգրագէտ լեզուով դատական ամենակարեւոր խնդիրներու մասին ու այդ պահանջները անմիջապէս կը կատարուէին։ Խնդրոդները, որպէս հատուցում, Ռասբուտինի կառաջարկէին մեծ դրամ կամ իրենց քոյրը, կինը եւ աղջիկը։

Երբեմն, մարդիկ հսկայական դրամներ կը ծախսէին՝ Ռասբուտինի մօտ իյնալու համար։ Հասարակութիւնը գիտէր այս բոլորին մասին. գիտէր ոչ միայն Ռասբուտինի քէֆերու մասին՝ բարձր դասին պատկանող կիներու հետ, այլեւ Ռասբուտինի գրեթէ ամէնօրեայ այցելութեանց մասին տիկին Վիրուբովայի մօտ, որ ցարուհու պատուոյ տիկիններէն էր եւ իր ամէնէն մտերիմ բարեկամուհին: Հոն ցարուհին կը հանդիպէր ծերուկին։

Շատերը կը կարծէին, որ ցարուհին կը հաւատար անոր սուրբ ուժին։ Շատերն ալ կը կարծեն, թէ այդ