Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/296

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

յարաբերութիւններուն մէջ մեծ դեր կը խաղար սէրը եւ կիրքը:

Ոստիկանութեան նախարար Չունկովսկին շատ մանրամասն զեկոյց մը ներկայացուց ցարին՝ բազմաթիւ նկարներով, որոնք կ՝ապացուցանէին Ռասպուտինի իսկական էութիւնը: Բայց ցարն ու ցարուհին չհաւատացին այդ նկարներուն՝ համարելով այդ ամէնը զրպարտութիւն սուրբ ծերուկին դէմ։ Ցարը կանտեսէր ժողովուրդի զայրոյթը, իսկ ժողովուրդը գնալով սկսաւ բռնել յեղափոխական ճամբան։ Բողոքները ըր դառնային համարձակ. ոճը աւելի կտրուկ եւ սուր։ Պատասխանատու նախարարութեան պահանջը կը դառնար սպառնալի։ Բայց պատերազմը կը կապէր քաղաքական գործիչներու ձեռքերը։

Մոսկուայէն ես անցայ Պետերպուրգ: Այնտեղ ալ նոյն մտահոգութիւնը եւ նոյն դժգոհութիւնները: Ռուս յայտն քաղաքական գործիչ Մակլակովը, ռուսական «Բիրժենիյա Վեդոմոստի» թերթին մէջ, լաւագոյն կերպով պատկերացուցած էր տիրող կացութիւնը.

«Երեւակայեցէք արագ ընթացող մեքենայ մը,– կը գրէր Մակլակովը — որ կը սլանայ անդունդի կողքէն եւ որու վարիչը հմուտ չէ իր մեքենային։ Մէկ սխալ շարժում՝ մեքենան անդունդ պիտի գլորի։ Երեւակայեցէք, որ այդ մեքենային մէք նստած է հմուտ վարիչ մը, որ կը տեսնի, կը զգայ ամբողջ վտանգը. բայց գիտէ, որ ամենափոքրիկ պայքարն անգամ՝ մեքենան գրաւելու համար, զիրենք դէպի անդունդ պիտի գլորէ։ Ու հմուտ վարիչը կը համակերպի կացութեան՝ ականատես մնալով վարիչի խելացնոր վազքին»։