Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/297

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Մեքենան Ռուսաստանն էր, խելացնոր վարիչը ցարը եւ իր նախարարները, իսկ հմուտ վարիչը՝ ազատասէր ռուս մտաւորականութիւնը։

Ես վերադարձայ Թիֆլիս՝ ծանր մտահոգութիւններով: Այլեւս Կովկասին յատուկ հոգսերը չէին, որ կը զբաղեցնէին զիս: Վտանգի տակ էր ամբողջ Ռուսատանը իր միլիոնաւոր բանակով եւ Հսկայական հարստութիւններով: Ռուսաստանի պարտութիւնը վատ պիտի անդրադառնար Դաշնակիցներու վրայ, որոնց հետ մենք՝ հայերս՝ կապած էինք մեր քաղաքական բախտը: Պարեուած Թուրքիան միայն պիտի զիջէր հայկական հարցին մէջ։

Ռուս բանակի յաղթութիւնը եւ պահպանումը մեր ծրագիրներու մասը կը կազմէր: Մեր յեղափոխական կազմակերւպութիւնները զգոյշ էին յարձակումներու մէջ իշխանութեան հասցէին։ Բոլորն ալ կը սպասէին եւ կը հետեւէին ճակատի դէպքերուն: Կովկասը ժամանակաւորապէս մէկ կողմ նետած էր ներքին վէճերը։ Բայց մթնոլորտէն մէջ կը զգացուէին մօտեցող փոթորիկին առաջին որոտները։