Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/298

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

ԳԼՈԻԽ ԺԵ.

ԵՐԵՐՈՂ ԳԱՀԻՆ ՄՕՏ

Շուտով Կովկասի մէջ ալ, ինչպէս ամբողջ Ռուսաստանի, սկսեց զգացուել պետական մեքենայի թուլութիւնն ու քայքայումը։

Ապրանքներու, գլխաւորապէս ալիւրի, շաքարի եւ փայտի պակասը ստեղծած էր ջղային մթնոլորտ մը։ Գլխաւոր պատճառը, ի հարկէ, երկաթուղային երթեւեկութեան անկանոնութիւնն էր։ Գնացքները կը հասնէին մեծ ուշացումներով։ Խանութներու առջեւ պոչերը գնալով կը շատնային։ Ապրանքները կը չքանային շուկայէն։ Մարդիկ կը պահէին իրենց ապրանքները՝ աւելի սուղ վաճառելու շահամոլութեամբ. ահա թէ ինչու գիները անասելիօրէն կը բարձրանային:

Ճակատին վրայ կը կռուէին զինուորները՝ միշտ մահուան սպառնալիքին տակ. իսկ այստեղ՝ իրենց ընտանիքները ենթարկուած էին սովի:

Ժողովուրդը միշտ կաշխատէր մեղաւորներ փնտռել իր շուրջ, իրեն մօտիկ, առանց թափանցելու պատճառներու խորքը։ Սպառնական կերպով կը խօսէին արդէն ոստիկանութեան եւ նահանգապետի հասցէին։ Ուրախ եմ յիշատակելու հոս, որ ոչ մէկ գանգատ կամ բողոք եղաւ քաղաքային վարչութեան եւ մասնաւորապէս իմ հասցէին։ Բոլորն ալ կը գիտակցէին, որ անպատասխանատու կերպով երկիրը