Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/299

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

կառավարելու եղանակը յղի է ամէն տեսակի դժբախտութթիւններով՝ ժողովուրդին համար:

Միւս կողմէն՝ պատերազմը կը շարունակուէր: Ոչ ոք կը սպասէր, որ պատերազմըր այնքան երկար տեւէր: Պէտք է ըսել, որ կովկասեան ճակատի կացութիւնն ալ մխիթարական չէր: Ճիշդ է, ամբողջ Թրքահայաստանը գրաւուած էր ռուս բանակի կողմէ, բայց թրքահայութիւնը քանի մը անգամ գաղթած էր Կովկաս եւ յետ դարձած երկիր ռուս բանակի շարժումներուն համեմատ:

Այս հանգամանքը կը ջղայնացնէր Հայ ժողովուրդը, որ առանց քաշուելու կը մեղադրէր ռուսները հայաջինջ քաղաքականութեան մէջ, որ իբր թէ ռուս բանակին յառաջխաղացումներն ու նահանջները արդիւնք էին նախորոշուած ծրագրի՝ ոչնչացնել եւ թուլացնել տարրը, իր հայրենիքին մէջ։

Այդ մեղադրանքները սակայն ճիշդ չէին։ Հսկայական ճակատը կը պահանջէր զօրքի ազատ շարժումներ եւ բանակի թեւերու միջեւ կապը պահելու անհրաժեշտութիւնը յաճախ պատճառ կը դառնար նահանջներու: Գաղթականական հոսանքը կարգիլէր ռուս բանակի ազատ շարժումները։ Ծայր կու տային հակահայկական տրամադրութիւններ: Հայերու մէջ ալ գնալով ուժեղացաւ անբաւարարութիւնը ռուս քաղաքականութենէն, Տաճկահայաստանի եւ Կովկասի մէջ։

Այսպէս էին տրամադրութիւնները, երբ 1916 Նոյեմբերին, ես Հրաւէր ստացայ Մոսկուայէն մասնակցելու քաղաքներու ընդհանուր համագումարին: