Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/30

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Խատիսեան «կարեւորութիւն էր տալիս ձեւին. բաւական չէր, որ կատարաէր մի աշխատանք, կարեւոր էր նաեւ կատարման ձեւը։ Մանաւանդ օտարների հետ շփման միջոցին, ձեւը առանձին տեղ էր բռնում»[1]:

Խատիսեան առանձնայատուկ տեղ կը գրաւէ մեր նորագոյն պատմութեան մէջ։ Իր բարոյական մեծութեամբ, համեստ նկարագիրով եւ ժողովրդանուէր բնաւորութեամբ յարգանք պարտադրած է իր շրջապատին եւ բոլոր անոնց վրայ, որոնց հետ յարաբերութիւն մշակեց, գործեր վարեց կամ աշխատանքներ հետապնդեց։ Իր հակառակորդներն անգամ անվերապահ յարգանք ունէին իրեն հանդէպ։

Անդրկովկասի մէջ յեղափոխական կուսակցութիւնները — հայ եւ օտար — աշխոյժ գործունէութիւն ունէին։ Ընդդիմադիրները, ինչ պատկանելիութիւն ալ ունենային, կը վստահէին քաղաքապետ Խաաիսեանին։ Ան մինչեւ իսկ կը հանդիսանար պետութեան եւ յեղափոխական շարժումներու միջեւ հաղորդակցութեան եւ յարաբերութեան միջոցը։

Տարական սահմանադրութեան համաձայն, իբրեւ քաղաքապետ խատիսեան նախագահն էր բանտային կոմիտէին, որուն պարտականութիւնն էր հսկել բանտարկեալներու սնունդի ապահովման։ Խատիսեանի ջանքերով եւ միջնորդու–

  1. Նոյն էջ 44: