Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/300

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Քաղաքական կացութիւնը շատ ծանր էր եւ կարեւոր։ Ես մեկնեցի Մոսկուա։

Արդէն իսկ 1916ի վերջերը, Ռուսաստանի քաղաքական երկինքը պատած էր չարագուշակ ամպերով։ Ճակատի անյաջողութիւնները, ներքին խլրտումները, Պետական Դումայի սպառնալի տրամադրութիւնները, մթնոլորտը ելեկտրականացուցած էին։ Ամէն կողմէ կը լսուէին բողոքներ եւ պահանջ՝ պատասխանատու նախարարութիւն կազմելու: Կը խօսէին Ռասպուտինի ազդեցութեան մասին թագաւորի վրայ։

1916 Դեկտեմբերի սկիզբները, պիտի բացուէր քաղաքներու եւ գաւառական գործիչներու համագումարը։ Ռուսաստանի վոլոր անկիւններէն Մոսկուա կը հաւաքուէին ներկայացուցիչներ: Համագումարը պիտի ըլլար բազմամարդ։ Իշխան Լվովը նշանակուած էր վարելու ժողովը: Ան կեդրոնական անձնաւորութիւն մը դարձած էր, որու շուրջ կը համախմբուէին պատգամաւորները։

Պարզ էր, որ համագումարը պէտք է պահանջէր պատասխանատու նախարարութիւն եւ պիտի բանար տիրող ռեժիմին ցաւոտ բոլոր կողմերը։

Նախագահական զանգը հնչեց եւ պատգամաւորները գրաւեցին իրենց տեղերը։ Բայց նոյն վայրկեանին սրահ խուժեցին ոստիկանները, Մոսկուայի ոստիկանապետի գլխաւորութեամբ, որ եւ յայտարարեց.

«Ներքին գործերու նախարարի հրահանգով կարգիլուի համագումարի բացումը։ Ուստի, կը