Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/301

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

խնդրեմ պարոն նախագահէն ազատ արձակել ժողովը»։

Բոլորը ոտքի ելան։ Լսուեցան բողոքի ձայներ։ Նախագահը փակեց ժողովը։ Բայց նոյն օրը, իր բնակարանը հրաւիրեց հինգ պատգամաւորներ, Մոսկուայէն եւ Պետերպուրգէն, ի թիւս որոնց եւ զիս, կարեւոր խորհրդակցութեան մը համար։

Երեկոյեան ժամը 9ին, ես արդէն իշխանին բնակարանը կը գտնուէի։ Շուտով եկան եւ միւս հրաւիրեալները:

Իշխանը դողդոջուն ձայնով բացաւ ժողովը։ Ան պատմեց մեզ այն բոլոր փաստերը ինչ որ ունէր իր ձեռքին տակ՝ ճակատի, թիկունքի եւ իշխանութեան վերաբերեալ։ Ըսաւ, որ կացութիւնը ծանր է, որ երկիրը դէպի անդունդ կը գահավիժէ, որ ի նկատի ունենալով բոլոր քաղաքագլուխներու եւ գաւառական վարչութիւններու նախագահներու գրաւոր զեկուցումներն ու կարծիքները, իր վրայ կը վերցնէ գործելու պատասխանատուութիւնը։ Ըսաւ, որ լաւ տեղեակ էր զօրքի տրամադրութեան, աւելցնելով որ ամբողջ բանակը դէմ է այս ռեժիմին եւ պատրաստ գործելու:

«Ցարը անկամ է եւ անպէտք — եզրակացուց Լվովը։ — Պէտք է գործել այնպէս, սր պատերազմի այս ծանր օրերուն չտուժի հայրենիքը։ Միակ մարդը, որ կրնայ փոխարինել ցարը՝ մեծ իշխան Նիկոլայ Նիկոլայեւիչն է, Կովկասի Փոխարքան, որմէ պէտք է խնդրենք իր ձեռքն առնել իշխանութիւնը եւ փրկել երկիրը այս ծանր կացութենէն»:

Պարզուեցաւ, որ մեծ իշխաններէն շատերը ըզ–