Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/303

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

միջոցով պէտք է յայտնեմ իրեն մեծ իշխանի պատասխանը եւ մեկնեցի Պետերպուրգ:

Համագումարի ցրումը մեծ ազդեցութիւն էր գործած մայրաքաղաքի մէջ։ էս տեսակցեցի Պետական Դումայի քանի մը անդամներու հետ եւ համոզւեցի, Ռուսաստանը կը գտնուի կարեւոր դէպքրերու նախօրեակին:

Երբ Պետերպուրգ էի, սպաննուեցաւ Ռասպուտինը։ Ժողովուրդի տրամադրութիւնները բարձրացան։ Ամէնքը կը հաւատային, թէ փոփոխութիւններ տեղի կունենան։ Սակայն, ամէնքն ալ համակուած էին նոյն մտավախութիւններով:

Դումայի ձախակողմեան անդամներէն մէկը այսպէս կը գանգատէր ինծի.

— Կը հասկնա՞ք արդեօք ռուս մարդու հոգեբանութիւնը, որ կը սիրէ իր Հայրենիքը։ Պատերազմական աղէտի այս օրերուն, պէտք է որ թիկունքը խաղաղ ըլլայ, յեղափոխական որեւէ շարժում, պիտի թուլացնէ ճակատի ու մը։ Այս պայմաններու մէջ, լաւագոյն կըլլար պալատական յեղաշրջում մը առաջ բերել:

Զգացի, որ Մոսկուայի մեր տուած որոշումը իրաւացի էր։

Կար ուրիշ տեսակէտ մը եւս։ Յեղափոխական շարք մը կազմակերպութիւններ կը կարծէին, որ ցարական Ռուսիան դեռ ուժեղ է ճնշելու համար իրենց ընդդիմութիւնը եւ որ դեռ ժամանակը չէ ուժերը չափելու: Ամէնուրեք կարտասանուէին կրակոտ ճառեր, բայց կազմակերպուած շարժումներ չկային. կարծես թէ յեղափոխութեան հիմերը կը դրուէին՝