Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/304

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

առանց ղեկավար ձեռքերու: Մթնոլորտը գնալով ա՛լ աւելի կը թանձրանար։

Դեկաեմբերի վեջերը ես արդէն Թիֆլիս կը գտնուէի։

Յունուար 1ին, ըստ սովորութեան, տօնական զգեստներով եւ քաղաքագլուխի շղթան վզիս՝ գնացի պալատ փոխարքայի Նոր Տարին շնորհաւորելու համար։

Պալատի Սպիտակ սրահին մէջ հաւաքուած էին երկրի բարձր իշխանութիւնը, զինուորականները, ազնուականութիւնը եւ պաշտօնէութիւնը: Մեծ իշխան Նիկոլայ Նիկոլայեւիչը զինուորական տարազով ներս մտւ սրահ եւ բարձր ձայնով շնորհաւորեց Նոր Տարին: Յետոյ, մօտեցաւ իւրաքանչիւրին առանձինն: Բոլոր ներկաներս հրաւիրուեցանք սեղանին։ Երբ հիւրասիրութիւնը վերջացաւ, հիւրերը սկսան մեկնիլ պալատէն։

Տեսնելով, որ մեծ իշխանը կուզէ թողուլ սրահը, ես մօտեցայ իրեն եւ խնդրեցի տեսակցութիւն մը նշանակել ինձ՝ կարեւոր խնդրի մը համար։ Ան համաձայնեցաւ ընդունիլ զիս անմիջապէս։ Բայց որպէսզի կասկածներ չըլլային, դուրս ելայ թիկնապահներու սենեակը եւ խնդրեցի աւագ թիկնապահին յայտնել մեծ իշխանին, որ կը ցանկամ տեսակցիլ իրեն հետ։ Ջիս ընդունեցին անմիջապէս Նիկոլայ Նիկոլայեւիչի գրասենեակը, որ մեծ իշխանը նսսոած էր մինակ։ Նստելով իր դէմ, ես ուղղեցի իրեն հետեւեայ խօսքերը.