Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/305

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

— Ձերդ Մեծութիւն, այն, որ պիտի ըսեմ Ձեզ, իրաւունք չունիմ ըսելու, բայց միշտ կը յիշեմ Ձեր թոյլատուութիւնը՝ ազատ եւ անկեղծ խօսելու Ձեզ հետ եւ կուզեմ այսօր, լայնօրէն օգտուիլ Ձեր ինձ տուած իրաւունքէն։

— Ես նորէն կը կրկնեմ իմ վստահութիւնը դէպի Ձեզ եւ կը խնդրեմ խօսիլ միանգամայն ազատ — ըսաւ մեծ իշխանը:

— Ձերզ Մեծութիւն, ես կու գամ Մոսկուայէն եւ Պետերպուրգէն: Այս երկու մայրաքաղաքները ամենաճշգրիտ կերպով կը պատկերացնեն երկրի յեղափոխական տրամադրութիւնները։ Կացութիւնը վճռական Է։ Երկիրը դէպի անդունդ կը գլորի։ Քաղաքային եւ գաւառական գործիչներու կարծիքն այն է, որ պէտք է գահընկէց ընել Նիկոլայ Բ-ը եւ, որպէսզի այդ գործողութիւնը կատարուի առանց մեծ պատահարներու եւ սարսափներու, Ձերդ Մեծութեան բարձր հեղինակութիւնն է միայն, որ պիտի կարողանայ այդ ընել՝ կանգնելով շարժումէն գլուխը եւ փոխարինելով գահընկէց ցարը։ Ձեր որոշումը գաղտնօրէն պիտի հաղորդեմ Մոսկուա իշխան Լվովին, որպէսզի այնտեղ հարկ եղած պատրաստութիւնները տեսնեն։ Ես ինձ վրայ առի այս նուրբ առաքելութիւնե՝ յոյս ունենալով, որ Ձերդ Մեծութիւնը, ի նկատի առնելով երկրի ծանր վիճակը, միանգամայն կը հասկնայ զիս:

Մեծ իշխանը ամենայն ուշադրութեամբ լսեց ինձ մինչեւ վերջ, ապա հանդարտօրէն ըսաւ, թէ այն ամէնը՝ ինչ որ պատմեցի իրեն՝ չափազանց լուրջ է եւ ինքն ալ անպատրաստ է որեւէ պատասխան տալու: