Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/306

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Ան խնդրեց երեք օր ժամանակ՝ խնդիրը ուսումնասիրելու համար:

Յետոյ, մեծ իշխանը ամենայն մանրամասնութեամբ հարց ու փորձ ըրաւ Մոսկուայի եւ Պետերբուրգի կացութենէն։ Ուզեց իմանալ, թէ ի՞նչ աղբիւրներէ է իր տեղեկութիւնները քաղել իշխան Լվովը՝ զօրքերու տրամադրութիւններու մասին։ Հետաքրքրուեցաւ Մոսկուայի համագումարի անցուդարձերով։

Մեր տեսակցութիւնը տեւեց ժամէն աւելի։

Մնաս բարեւ ըսի մեծ իշխանին եւ մեկնեցի պալատէն: Իմ այդ տեսակցութեան մասին ես ոչ ոքի պատմեցի։

Երեք օր ետք, ես հրաւէր ստացայ ներկայանալու պալատ: Նոյն առանձնասենեակին մէջ, բայց այս անգամ իր ագնական զօր. Եանուշկեւիչի ներկայութեամբ, մեծ իշխանը ընդունեց զիս։

Սովորական բարեւներէն ետք, Նիկոլայ Նիկոլայեւիչը ըսաւ:

— Ձեզ կանչել եմ յայտնելու իմ որոշումը եւ կը խնդրեմ այդ մասին յայտնել իշխան Լվովին։ Ճանչնալով ռուս մուժիկը եւ ռուս զինուորը, գիտնալով որ ռուս ժողովուրդը հաւատարիմ է իր ցարին, որ ան չի հասկնար քաղաքական բարդ ձեւակերպումները, որ ան պիտի չհետեւի եւ ճանչնայ այն մարդը, որ ձեռք բարձրացուցած է իր ցարին դէմ, ես կը մերժեմ ձեր կողմէ ինձ ըրած առաջարկը՝ կանգնելու այդ շարժման գլուխը։ Գիտեմ, որ զօրքը իր ամբողջութեամբ պիտի չհետեւի մեր ծրագիրներուն եւ Ռուսաստանի այս ծանր օրերուն պէտք չէ որ նոր