Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/307

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

խլրտումներ ու կռիւներ ծագին։ Իմ օգնական՝ զօր. Եանուչկեւիչը, որ միշտ իմ սպայակոյտին պետն եղած է, գիտէ որ ռուս զինուորը պիտի չկռուի ցարին դէմ։ Թող այս մասին ինք՝ զօրավարը խօսի։

— Ես արդէն ըսի Ձերդ Մեծութեան, — ըսաւ Եանուշկեւիչը — որ ցարին դէմ կատարուած դաւադրութեան մէջ զօրքը պիտի չմասնակցի։

Մեր խօսակցութիւնը վերջացաւ։ Դուրս գալով պալատէն, իշխան Լվովին՝ Մոսկուա՝ ուղարկեցի պայմանական հետեւեալ հեռագիրը.

«Հիւանդանոցը պէտք չէ բացուի»։

Անցան քանի մը շաբաթներ: Փետրուարի կէսերուն, պալատական պաշտօնեաներէն մէկը ուզեց տեսակցիլ ինձ հետ գաղտնօրէն: Ես ընդունեցի զինք իմ առանձնասենեակին մէջ։

Պաշտօնեան ըսաւ, որ ինք մեծ իշխանի թելադրանքով է, որ կը խօսի ինձ հետ։

— Ոստիկանական բաժանմունքը, — յայտնեցան իմայած է Ձեր՝ փոխարքային առաջարկած ծրագիրներու մասին: Տեղեկութիւն կայ, որ Փոխարքան պիտի նշանակուի նոյն պաշտօնով Սիբիր, Հեռաւոր Արեւելք, սակայն իրեն պիտի առաջարկուի վերցնել Ձեզ իրեն հետ։

Ես շնորհակալութիւն յայտնեցի պաշտօնեային։

Տասը օր ետք, տեղի ունեցաւ Փետրուարեան Յեղափոխութիւնը եւ պատմութեան հսկայական անիւը դարձաւ հակառակ ուղղութեամբ։

Վերջացնելով իմ յուշերս այս մասին, կուզեմ քանի մը խօսք ըսել մեծ իշխան Անդրէյ Վլադիմիրովիչի օրագրի մասին, ուր կը հաղորդէ Նիկոլայ Նիկո–