Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/308

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

լայեւիչի՝ ցարի հետ ունեցած խօսակցութիւններու մասին, 1916ին, Ստաւկայի մէջ.

«Չե՞ս տեսներ արդեօք,– կ՝ըսէր Նիկոլայ Նիկոլայեւիչը ցարին — որ կը կորսնցնես գահդ: Ուշքի եկ, քանի ուշ չէ։ Տուր երկրին պատասխանատու կառավարութիւն։ Դեռ Յունիսէն սկսեալ ըսել եմ քեզ այդ մասին։ Կը վախնամ, որ յետոյ ուշ լինի»։

1917ի սկիզբները, իշխանութեան հեղինակութիւնը բոլորովին խախտած էր արդէն։ Արագօրէն կը փոփոխուէին նախարարները ու թէեւ Ռասպուտինը չկար այլեւս, իր հետեւորդները կը լրացնէին երկրի քայքայման գործը։

Քանի մր շաբաթ միայն մեզ կը բաժնէր յեղափոխութենէն։ Ռասպուտինի անձը իր չարաբաստիկ կնիքն էր դրած ցարական Ռուսաստանի վերջին տարիներու պատմութեան վրայ։ Ահա թէ ի՞նչ կը գրէ այդ մասին յայտնի իրաւաբան Պերեւերզեւ, որ 1917ին, յեղափոխութենէն ետք, դարձաւ արդարադատութեան նախարար:

«Ռուս մարդիկ տարբեր գնահատումներ ունին Ռասպուտինի՝ իշխանութեան գործերուն միջամտելու խնդրին մասին։ Սակայն, դէպի ան ունեցած ատելութեան մէջ բոլորն ալ հաւասար են։ Բազմաթիւ յուշերու մէջ, որոնք նախայեղափոխական շրջանը կընդգրկեն, գիտակցաբար թէ անգիտակցաբար այն տեսակէտերը կը յայտնուին, որ ռուս ձախակողմեան տարրերը ուրախ էին ցա–