Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/309

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

րի եւ Ռասպուտինի բարեկամութեան համար, որովհետեւ այդ բարեկամութիւնն իսկ առիթ մըն էր պայքարելու ցարին դէմ։ Սակայն, այդ այդպէս չէր։ Ձախակողմեան Ռուսիան աջակողմեաններու հետ մէկտեղ կը բաժնէր այն վախը, որ ռասպուտինեան քաղաքականութիւնը մահուան ճիրաններու մէջ կը խեղդէ Ռուսիան, իր պատմական ամէնէն ծանր օրերուն։ Ռասպուտինի անձին վրայ կը խաչաձեւուէին արհամարհանքի բոլոր արտայայտութիւնները՝ երկրի բազմազան կողմերէն ուղղուած։ Զայն կատէին ոչ միայն թագաւորի ազգակիցները, բարձր պաշտօնէութիւնը, պալատականները եւ զինուորականները, ոչ միայն Դումայի աջ եւ ձախ հոսանքները, այլեւ անկուսակցականները, ամբողջ ժոդովուրդը։ Զուգուած էր ժոդովուրդի հսկայական ծովը, որու խորքերուն մէջ լսելի էին արդէն մեծ փոթորիկին որոտները»։

Չարագո՞րծ էր արդէօք Ռասպուտինը։ Բայց այս հարցին պատասխանելու համար վերյիշենք քանի մը կարեւոր փաստեր:

Գիտենք, որ պահի մօտէն Ռասպուտինը հեռացնելու համար բազմաթիւ փորձեր կատարուեցան՝ ազդելու ցարի վրայ։ Իր մեծ ազգակիրները խորհուրդ տուին իրեն բաժնուելու Ռասպուտինէն, յայտնելով որ այդ է թագաւորական ամբողջ ընտանիքի պահանջն ու ցանկութիւնը։ Պետական բարձր պաշտօնեաները ցարի ուշադրութիւնը հրաւիրեցին Ռասպուտինի անբարոյական կենցաղի վրայ՝ շեշտելով որ ծերուկը գինարբունքներու մէջ անպատկառ կերպով կը