Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/31

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

թեամբ՝ արտօնուեցաւ նոյնիսկ բանտերու կից կրպակներու հաստատումը։ Բանտարկեալները, որոնց մեծամասնութիւնը կը կազմէին յեղափոխականները, կրնային հոգալ այլեւս իրենց անմիջական կարիքները։

Թիֆլիսի քաղաքապետութեան եւ ժողովրդային լայն խաւերու միջեւ հեռաւորութիւն գոյութիւն չունէր գրեթէ։ Ասիկա շնորհիւ Խատիսեանի վարած ներքին քաղաքականութեան, որ կը յատկանշուի անաչառութեամբ եւ ժողովրդասիրութեամբ։ «(...) Թիֆլիսի քաղաքային վարչութիւնը իր կազմի կրթական ցենզով համարեա առաջինն էր ողք Ռուսաստանի մէջ, որ կը ջանար ամէն կերպ թեթեւցնել աշխատանքի պայմանները, կրճատել բանուորական ժամանակը, ստեղծել առողջապահական տանելի պայմաններ եւ կարգավորել երեխաներու աշխատանքի պայմանները»[1]:

Խատիսեան ծանօթ էր իբրեւ հմայող հռետոր. հմուտ եւ սրամիտ ճառախօս։ Կը սիրէր ելոյթ ունենալ հաւաքոյթներու, հրապարակային հանդիպումներու եւ խնճոյքներու ատեն՝ ներկաներուն ուշադրութիւնը իր վրայ կեդրոնացնեյու մեծ ճարտարութեամբ։ 1915ին, Մոսկուայի մէջ, Քաղաքներու Միութեան ընդհանուր համագումարի ընթացքին, ճառով մը կը ներկայացնէ Անդրկովկասի իրավիճակն ու սպասումները։ «Այդ ճառից

  1. Ալ. Խատիսեան, «Քաղաքապետի մը յիշատակները», «Հայրենիք» ամսագիր, Ժ. Տարի թիւ 9(117), Յուլիս 1932, էջ 98: