Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/310

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

խօսի թագուհու մասին, եւ որ ցարի բարեկամութիւնը այդ մարդու հետ վարկաբեկիչ եւ կորստաբեր իրեն՝ ցարին համար։ Ոստիկանութեան նախարար զօր. Չունկովսկին մանրամասն կերպով ծանօթացուց ցարը Ռասպուտինի կեանքին՝ ցոյց տալով բազմաթիւ վարկաբեկիչ նկարներ։ Բայց այդ բոլոր փորձերը ապարդիւն անցան եւ ցարի բարկութիւնը սաստկացաւ զինք զգուշացնողներու դէմ։

Ռասպուտինի անձով պալատին մէջ մուտք կը գործէր յեղափոխութիւնը, որ անժամանակ էր եւ անցանկալի։ Սակայն, միտքերը դեռ հեռու էին բոլշեւիզմէն եւ ոչ ոք կը կարծէր, Ռուսիան մեծ փլուզումներու նախօրեակը կապրէ։ Յեղափոխութեան առաջին կարապետն եղաւ Ռասպուտինը, որ պալատի յետին դռներէն ներս սողոսկեց եւ սեւ ճակատագրին պէս կանգնեց գահին քով։ Դարաւոր միապետութիւնը, որ ունէր կառաւարելու որոշ ձեւեր եւ սկզբունքներ, որ գիտէր յարգել ու լսել շրջապատը, փշրեց դարաւոր սովորութիւնները եւ բռնեց յեղափոխութեան ճամբան՝ կտրելով իր կապերը գահի բարեկամներուն հետ: Միապետը դարձաւ ինքնիշխան. իր որոշումները կը պատրաստուէին գաղտնօրէն ու կը յայտարարուէին ի դարմանս եւ ի յուսախաբութիւն անոնց, որոնք կը կարծէին, թէ միապետութիւնը Ռուսիոյ պետութեան հիմքերէն ամէնէն կարեւորն ու անհրաժեշտն է: Իշխանութիւնը դուրս գալով իր բնականոն սահմաններէն, վախ կը ներշնչէր ճշմարիտ բոլոր հայրենասէրներուն, որոնք գիտէին, թէ քաղաքականութեան այդ ուղին դէպէ անդունդ կը տանէ ոչ միայն զիրենք, պետութիւնն ու Հայրենիքը։