Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/311

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Այս տրամադրութիւններէն էր ահա, որ ծագեցաւ Ռասպուտինը սպաննելու գաղափարը: «Ցարին ծառայել ոչ միայն վախով, այլեւ խիղճով» նշանաբանը հինցած էր արդէն։ Պէտք էր պարզապէս անհնազանդ քայլ մը ընել. պէտք էր սահմանափակել միապետին կամքը՝ չարիքին առաջը առնելու համար։ Այս միտքը սեփականութիւնը դարձաւ գահի ամէնէն հաւատարիմ մարդկանց. անոր մասին սկսան խօսիլ ազատ, թագաւորի շրջապատին պաշտօնական գրութիւններու եւ նախարարական առանձնասենեակներու մէջ։ Ասիկա դաւադրութիւնը մը չէր խումբ մը ըմբոստներու կողմէ, այլ ընդհանուր ելոյթ մը, որ գիտակցօրէն կը տանէր մարդիկը դէպի օրինական եւ բարոյական պատնէշներու ոչնչացում։ Եւ ինչպիսի՜ մարդիկ էին քով քովի եկած ծերուկին սպաննելու համար: Շատերը կը պատկանէին ցարի շրջապատին: Մէկը՝ իշխան Իւսուպովը, գեղեցկատես եւ երիտասարդ միլիոնատէր, ցարի մօտ ազգակիցն էր. միւսը մեծ իշխան Դիմիդրիյ Պաւլովիչն էր։ Երկուքն ալ այս վայրկեանիս կը բնակին Փարիզի մէջ:

Ռասպուտինի արիւնը առաջ բերաւ մեծ խանդավառութիւն ամբողջ Ռուսաստանի մէջ։ Սակայն, այդ սպանութեամբ Ռուսիան չփրկուեցաւ: Կար ուրիշ աշխարհ մը, մութին մէջ գալարուող եւ դեռ զօրաւոր, որ իր բիրտ ձեռքերուն մէջ կը պահէր երկրին բախտը: Այդ մութ աշխարհին ուժ ու հաւատ ներշնչողն ինք՝ թագուհին էր։

Կասկածէ դուրս է, որ Նիկոլայ Բ-ը դէպի կործանարար քաղաքականութիւն հրողը թագուհին էր, որ Ռասպուտինի ազդեցութիւններէն դրդուած՝ հոգե —