Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/312

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

կան նոպաներու եւ երազանքներու մէջ՝ կը կարծէր, թէ աստուածային սկզբունքը պիտի յաղթէ գահի թշնամիներուն եւ ինք յաղթական դուրս պիտի գայ այդ պայքարէն, շնորհիւ երկնային անխախտ կամքի։ Խելագարութեան սեմին վրայ գտնուող թագուհին իր հերթին կազդէր ե՛ւ ծերուկին վրայ։

Ռասպուտինը կը սիրէր երկրային կեանքն ու բարօրութիւնը եւ յենելով թագուհու վրայ կերազէր ստեղծել անձնական երջանկութիւն։ Ան շարունակաբար կը գտնուէր բազմաթիւ գայթակղութիւններու ազդեցութիւններու ներքոյ։

Ռասպուտինը սպաննուեցաւ իշխան Իւսուպովի պալատին մէջ: Խորամանկութեամբ ծերուկը պալատ բերին ու թունաւորեցին խմորեղէններով, բայց թոյնը չազդեց։ Իւսուպովը վերջացուց ծերուկին կեանքը ատրճանակով։ Օթոմոբիլով դիակը տեղափոխեցին քաղաքէն դուրս եւ սառոյցը կոտրելով նետեցին գետի մէջ։

Ցարուհին երկար ողբաց իր մտերիմին կորուստը, թաղեց դիակը պալատին մօտ։ Ցարը, գոնէ արտաքնապէս, պահեց իր սառնարիւնութիւնը: Գուցէ իր հոգու խորքին մէջ ան ուրախ էր, որ վերջապէս ազատեցաւ չարաբաստիկ ծերուկէն, որ իր ընտանիքէն հեռացաւ խորհրդատու մը, որ այնքան ազդեցութիւն ձեռք բերած էր իր եւ թագուհու վրայ։ Չենք գիտեր. գիտենք միայն, որ Նիկոլայ Բ-ը չհրաժարեցաւ դէպի անդունդը տանող քաղաքականութենէն։

Թող այս մասին ընթերցողը ծանօթանայ ոստիկանական բաժանմունքի կարծիքին հետ։ Այդ բա–