Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/313

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

ժանմունքը, իր զեկոյցներէն մէկուն մէջ կը գրէր հետեւեալը.

«Պատերազմը կը շարունակուի: Հայրենասիրական ոգին գնալով կը թուլանայ։ Նոր տուրքերը կը զայրացնեն ժողովուրդը։ Երկաթուղային անկանոն հաղորդակցութիւնը առաջ կը բերէ տնտեսական ծանր տագնապ քաղաքներու մէջ, ուր կը պակսին սնունդի անհրաժեշտ պիտոյքները։ Անվստահութիւնը դէպի թագաւորական ընտանիքը գնալով կը սաստկանայ։ Հանրային կարծիքը լուրջ մտավախութիւն մը կապրի, որ գահի բարձունքէն Ռուսաստանը դէպի անդունդ կը գլորի։ Բոլորը կը պահանջեն պատասխանատու նախարարութիւն, բացի Դումայի քանի մը անդամներէն, որոնք նպաստ կը ստանային ցարական կառավարութենէն։ Ցարը կը մնայ անյողդողդ եւ լուռ։ Տասնեակներով կը հեռացնէ անհնազանդ նախարարները՝ նշանակելով նորերը, որոնք Ռասպուտինի կողմնակիցներն էին։

«Եթէ ցարն ու ցարուհին չեն հասկնար, որ իրենց շուրջ կը փակուի ճակատագրական շրջագիծը, որ իրենք դատապարտուած են մահուան եւ իրենց հետ դատապարտուած է նաեւ ողջ Ռուսաստանը, ռուս հանրային կարծիքը աջէն եւ ձախէն կը գտնէ փրկութիւնը ցարի կամքը խորտակելուն մէջ։ Յեղափոխական ճամբան կը մնայ շիտակ եւ իսկական միակ ճամբան՝ Ռուսիան վտանգէն փրկելու համար։ Այս է ընդհանուրին կարծիքը։ Սակայն, ի՜նչ դժուար է այդ ճամբան պատերազմի արհաւիրքի օրերուն, երբ փոքրիկ սայթաքում մը