Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/314

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

կարող է ճակատագրական նշանակութիւն ունենալ»։

Եթէ ոստիկանական իշխանութիւնը կը յանգի այն միտքին, որ Ռուսաստանի փրկութիւնը յեղափոխութեան մէջ է, ի՞նչ ըսել հապա քայքայուած ժողովուրդի մասին, ի՞նչ յոգնահ զինուորներու մասին, ի՞նչ ըսել մտաւորականութեան մասին, որ ջերմօրէն կը օիրէր իր Հայրենիքը։ Ու պատերազմի ուրւականն էր միայն, որ կը կաշկանդէր շատերու ձեռքերը։ Բայց կարծես թէ ուշ էր արդէն։ Ժողովրդական տարերքը կը շարժէր։ Յեղափոխութիւնը կը մօտենար իշխանութեան դուռներուն: Ան կը սպասէր առաջին հարուածին։