Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/315

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

ԳԼՈԻԽ ԺԶ.

ՌՈԻՍԱԱՏԱՆԻ ՅԵՂԱՓՈԽՈԻԹԻԻՆԸ ԵՒ

ԱՆՈՐ ԱՐՁԱԳԱՆԳՆԵՐԸ ԿՈՎԿԱՍԻ ՄԷՋ

Ինչպէս ընթերցողը տեսաւ նախորդ գլուխներէն, Ռուսաստանի ծանր կացութիւնը, անյաջողութիւնները ռազմաճակատին վրայ, հացի եւ ուրիշ մթերքներու պակասը շուկաներու մէջ, մտաւորականներու ընդդիմադիր դիրքը կառավարութեան հանդէպ եւ Պետական Դումայի սանձարձակ մեղադրանքները իշխանութեան՝ առաջ բերին 1917 թուի Փետրուարեան Յեղափոխութիւնը:

Այդ օրերուն, ես Թիֆլիս էի, իմ պաշտօնիս վրայ։

Որպէսզի Թիֆլիսի եւ Կովկասի մէջ տեղի ունեցօղ դէպքերը կապեմ ընդհանուր երկրի դէպքերուն հետ, թօյլ պիտի տամ ինձ, քանի մը խօսքով նկարագրել անցուդարձը, որ տեղի ունեցաւ Փետրուարեան Յեղափոխութեան օրերուն։

Պէտք է ըսեմ, որ փետրուարեան շարժումները սկսան յանկարծակի կերպով։ Եթէ յեղափոխութիւնը հասկնանք որպէս կազմակերպուած եւ նախօրոք պատրաստուած գործ մը, կը տեսնենք, որ փետրւարեան շարժումները յեղափոխութիւն մը չէին բառիս լայն իմաստով, որովհետեւ այդ շարժումները տեղի ունեցան յանկարծակի կերպով, առանց նախորոշուած ծրագրի եւ կազմակերպութեան: Հրապարակի վրայ չկար զինուորական կազմակերպութիւն մը կամ յեղափոխական կուսակցութիւն մը, որ ցան–