Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/316

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

կանար իշխանութեան գլուխն անցնել. կար միայն զայրացած ամբոխը, որ կը բնակէր մայրաքաղաքին մէջ եւ կը տեսնէր իշխանութեան բոլոր թերութիւննեքը։

Կարելի է ըսել, որ ժողովուրդի համբերութեան բաժակը լեցուած էր արդէն եւ կաթիլներ էին միայն պէտք, որ բաժակը յորդէր։

Փետրուար 27ին, երբ ռուս կիները խանութներէն Հաց կուզէին գնել եւ Հաց չգտան, բաժակը յորդեցաւ: «Մեր երեխաները քաղցած են» պոռալով՝ կիները թափեցան փողոց։ Անցորդները կը միանային աղմկարարներուն։ Ամբոխը կը մեծնար, կը շատնար: Ոչ ոք կարգիլէր անոնց երթը եւ մարդկային զանգուածը ահաւոր չափերու հասաւ:

Այդ օրերու մասին գրուած են շատ գիրքեր։ Բոլոր գրողները, բոլոր ականատեսները միաբերան կը հաստատեն, որ եթէ ոստիկանութիւնը գլուխը չկորցնէր եւ գործօն միջամտութիւնը ցոյց տար խռովարարներու երթը կասեցնելու համար՝ Ռուսաստանի մէջ յեղափոխութիւն պիտի չծագէր։ Ոստիկանութեան անգործութիւնը առիթ տուաւ, որ զինուորները եւ մինչեւ իսկ կոզակները միանան ամբոխին եւ, երեկոյեան, արդէն իսկ պարզ էր, որ մայրաքաղաքի փողոցներու տէրը դարձած էր ամբոխը: Որոշ տեղեր ոստիկանները փորձեր էին առաջրն առնել ամբոխին, բայց զինուորներն ու կողակները օգնած էին ժողովուրդին եւ յարձակած ոստիկաններու վրայ:

Պարզ է, որ զօրքը եւս, որ հասարակական իր դիրքով կը բաղկանար գիւղացիներէ եւ բանուորնե–