Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/317

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

րէ, կը բաժնէր Ժողովուրդի դժգոհութիւնները կառավարութեան հանդէպ ու կը միանար խռովարարներուն։ Կը սկսէր իսկական յեղափոխութիւնը:

Պետերպուրգի շրջանի զինուորական հրամանատար զօր. Խաբանովը՝ զգալով իր անզօրութիւնը՝ ոչ մէկ միջոցի դիմեց։ Իշխանութիւն չկար այլեւս։ Թագաւորը կը գտնուէր Մոգիլեւ, իսկ թագուհին՝ երեխաներով՝ Թագաւորական Գիւղ կոչուած վայրին մէջ էր, Պետերպուրգէն ոչ հեռու։ Կատաղած ամբոխը կը շարժէր դէպի Պետական Դումա, ուր այդ վայրկեանին կը գտնուէին Դումայի նախագահ՝ Ռոժեանկոն եւ Դումայի ականաւոր անդամներ՝ Միլիւկովը, Չխէիձէն, Կերենսկին, Սկոբելեւը եւ ուրիշ շատերը։

Այս անձերը իրենց վրայ առին իշխանութեան կազմութեան գործը՝ հիմնելով կոմտէ մը, որ կոչւեցաւ «Պետական Դումայի Անդամներու կոմիտէ»։ Առաջին յեղափոխական իշխանութիւնն էր:

Բայց իշխանութիւնը դեռ գոյութիւն ունէր, որ բոլորի աչքին առաջ, փոշու պէս կանհետանար քամիներու մէջ։ Ոչ ոք, մէկ մարդ այդ օրերուն պաշտպան կանգնեցաւ հին իշխանութեան։ Կամաց–կամաց սկսան ձերբակալել զօրավարներ, նահանգապետներ, ոստիկաններ, նախարարներ, որոնց կառաջնորդէին դէպի Պետական Դումա։

Ցարը դեռ չէր հրաժարած գահէն, բայց իր վրայ ազդեցութիւն գործեցին զօրքերու հրամանատարները։ Կովկասի փոխարքայ մեծ իշխան Նիկոլայ Նիկոլայեւիչը հեռագրեց ցարին, որ ինք ծնկաչոք կը խնդրէ ցարէն՝ հրաժարիլ գահին։ Ցարը, տեսնելով որ ամէնքը լքած են զինք, հրաժարեցաւ գահէն յօգուտ