Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/318

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

իր որդու՝ Ալեքսէյի, բայց յետոյ թողուց այդ միտքը եւ գահը առաջարկեց իր եղբօրը՝ Միխայիլին։

Մեծ իշխան Միխայիլը, որ այդ օրերուն Պետերպուրգ կը գտնուէր, հրաժարեցաւ գահին, որ կը մնայ թափուր, իսկ Ռուսաստանը՝ առանց ցարի։ Միակ իշխանութիւնը, որ կը գործէր, Դումայի Անդամներու կոմիտէն էր։ ԱՆ կաշխատէր կապ հաստատել զինւորական եւ բանուորական պատգամաւորներու խորհրդին հետ։ Զինուորական եւ բանուորական պատգամաւորները ընտրուած էին զօրանոցներուն եւ գարծարաններուն մէջ։ Խորհրդի նախագահը՝ Պետկան Դումայի անդամ վրացի սոցիալ—դեմոկրատ Չխէիձէն էր, որ, ինչպէս կը յիշէ ընթերցողը, ընտրւեցաւ Դումայի անդամ շնորհիւ այն իրողութեան, որ մենք մեր Հայկական վեց ձայները տուինք անոր։

Երկու այդ մարմիններու ջանքերով կազմուեցաւ ժամանակաւոր կառավարութիւն՝ իշխան Լվովի նախագահութեան ներքոյ։

Դեռ 1916 Դեկտեմբերին, իշխան Լվովի թեկնածութիւնը, որպէս վարչապետի դրուած էր խումբ մը քաղաքային գործիչներու կողմէ, եթէ Ռուսաստանը ունենալու ըլլար պատասխանատու նախարարութիւն։

Ժամանակաւոր կառավարութեան կազմը բաւական խայտաբղէտ էր, սկսած զինուորական նախարար Գուշկովէն, ազատական Միլիւկովէն, մինչեւ աշխատաւորական կերենսկին, որ աւելի ետք դարձաւ նախարարներու խորհրդի նախագահ։ Այս բոլոր անձինք այսօր կը գտնուին Փարիզ, որպէս քաղաքական տարագիրներ։