Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/319

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Նիկոլայ Բ-ի հրաժարման գործողութիւններու մասին մանրամասնօրէն կը պատմէ զօր. Դանիլովը, որ այդ պատմական րոպէին կը գտնուէր ցարի մօտ։ Ցարի հրաժարումով, ժամանակաւոր Կառավարութեան կազմումով եւ ամբողջ Ռուսաստանի մէջ վարչական բարձր պաշտօնեաներու փոփոխումով, սկսաւ ռուս պատմութեան նոր դարագլուխը՝ յեղափոխութիւնը։

Սակայն, ի՞նչ ազդեցութիւն ունեցան այդ փոփոխութիւնները ծայրագաւառներու վրայ. ի՞նչ վերաբերում ունեցան դէպի այդ փոփոխութիւնները Կովկասի ժողովուրդները եւ մասնաւորապէս Հայերը:

Այսօր, աւելի վստահ կրնանք հաստատել, որ Կովկասի մէջ այնուհետեւ տեղի ունեցած բոլոր դէպքերը, ինչպէս Կովկասի եւ Հայաստանի անկախութիւններու հռչակումը, ճակատի պարպումը ռուս զօրքէն եւ մեր վարած կռիւները թուրքերու դէմ, հետեւանք էին այդ յեղափոխութեան։ Կովկասը զգաց, որ այսուհետեւ ինք պիտի ապրի իր ուրոյն կեանքով, որ իր կապերր Ռուսաստանի հետ գնալով կը թուլնան։

Խօսած եմ արդէն այն տպաւորութիւններու մասին, որ ունեցան կովկասցիները, երբ Փետրուարեան Յեղափոխութիւնը ծագեց։ Խօսած եմ արդէն այն մասին, որ Հայ եւ վրացի քաղաքական գործիչները, յեղափոխութեան նախօրեակին կը տեսնէին իշխա–